31.03.2019, 17:31:18
Մեկ դար առաջ . հայոց փառահեղ տիկնայք ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ ՀԱՅՈՒՀԻՆ Աշնան մէջ էր, երեկոյ մը Վերադարձիս յԻւսկիւտար, Օդը պարզ էր, հողմը մեղմիկ, Ծովուն ջուրերն ալ հանդարտիկ: Շոգենաւին սարաւանդը Նըստած անկիւն մ՚առանձնակի՝ Ուշադրութեամբ ես նոյն օրուան Լըրագիրները կարդայի: Մէկ մ՚ալ յանկարծ սանդուխէն Վեր ելնելու ոտնաձայն մը Շըփոթեց զիս եւ աչերս Դարձուցի դէպ յայն կողմը: Հայուհի մ՚էր վեր ելնողն, Բարձրահասակ եւ գեղադէմ. Անցաւ մօտէս նէ սիգաճեմ, Նստաւ անկիւն մ՚ինձ դէմ առ դէմ:
Մեկ դար առաջ . հայոց փառահեղ տիկնայք
ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ
ՀԱՅՈՒՀԻՆ
Աշնան մէջ էր, երեկոյ մը
Վերադարձիս յԻւսկիւտար,
Օդը պարզ էր, հողմը մեղմիկ,
Ծովուն ջուրերն ալ հանդարտիկ:
Շոգենաւին սարաւանդը
Նըստած անկիւն մ՚առանձնակի՝
Ուշադրութեամբ ես նոյն օրուան
Լըրագիրները կարդայի:
Մէկ մ՚ալ յանկարծ սանդուխէն
Վեր ելնելու ոտնաձայն մը
Շըփոթեց զիս եւ աչերս
Դարձուցի դէպ յայն կողմը:
Հայուհի մ՚էր վեր ելնողն,
Բարձրահասակ եւ գեղադէմ.
Անցաւ մօտէս նէ սիգաճեմ,
Նստաւ անկիւն մ՚ինձ դէմ առ դէմ: