22.04.2019, 17:01:18
ՏԽՈՒՐ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ🎋 Ապրիլ է: 1915, Հայոց երկնակամարը կը մթագնի: Վստահ եմ, իւրաքանչիւր Հայ, իր մէջ կը կրէ Հայոց Ցեղասպանութենէն, ողբերգական դէպքեր: Կողակիցս՝ Յակոբին, երկնագնացութենէն մէկ տարի ետք, կը վերյիշեմ իր նահապետական գերդաստանը, անոնց հաւատքն ու սէրը առ Աստուած, և խիզախ նահատակութիւնը Քրիստոսի սիրոյ: Վառվառ, ամուսնացած էր Խարբերդի Խուլայ գիւղին աւագ քահանայ՝ Տէր Եղիա Տէր Եղիայանի հինգերորդ որդւոյն՝ Յարութիւնին հետ: Քահանային չորրորդ զաւակը, Կարապետ «կեսրայրս» Ամերիկա մեկնած էր աշխատելու
ՏԽՈՒՐ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ🎋
Ապրիլ է: 1915, Հայոց երկնակամարը կը մթագնի: Վստահ եմ, իւրաքանչիւր Հայ, իր մէջ կը կրէ Հայոց Ցեղասպանութենէն, ողբերգական դէպքեր:
Կողակիցս՝ Յակոբին, երկնագնացութենէն մէկ տարի ետք, կը վերյիշեմ իր նահապետական գերդաստանը, անոնց հաւատքն ու սէրը առ Աստուած, և խիզախ նահատակութիւնը Քրիստոսի սիրոյ:
Վառվառ, ամուսնացած էր Խարբերդի Խուլայ գիւղին աւագ քահանայ՝ Տէր Եղիա Տէր Եղիայանի հինգերորդ որդւոյն՝ Յարութիւնին հետ: Քահանային չորրորդ զաւակը, Կարապետ «կեսրայրս» Ամերիկա մեկնած էր աշխատելու