26.04.2019, 0:23:43
Վերջին մրմունջք-Վահան Թեքեյան Յիշատակներ գունդագունդ կը խուԺեն վրաս այս գիշեր... Ինչ որ եղաւ ու չեղաւ կ'անցնի մտքիս առջեւէն՝ Արեւահատ, սովահար տղոց նման լուսեղէն, Որոնց ես մահը տեսայ ու կը լսեմ ճիչը դեռ...։ Իմ ամբողջ կեանքս այս գիշեր. իր յոյսերով, յուշերով՝ Իր վարդերուն յոյսերով, իր յուշերով փուշերուն, Կը գրաւէ սիրտս անսէր, կ'ողողէ աչքս անքուն, Մինչեւ կոկորդս ան կ'ելլէ իբրեւ աղի, լեղի ծով...։ Ա՜հ, լաւագոյն է չըլլալ եւ լաւագոյն է հիմայ
Վերջին մրմունջք-Վահան Թեքեյան
Յիշատակներ գունդագունդ կը խուԺեն վրաս այս գիշեր...
Ինչ որ եղաւ ու չեղաւ կ'անցնի մտքիս առջեւէն՝
Արեւահատ, սովահար տղոց նման լուսեղէն,
Որոնց ես մահը տեսայ ու կը լսեմ ճիչը դեռ...։
Իմ ամբողջ կեանքս այս գիշեր. իր յոյսերով, յուշերով՝
Իր վարդերուն յոյսերով, իր յուշերով փուշերուն,
Կը գրաւէ սիրտս անսէր, կ'ողողէ աչքս անքուն,
Մինչեւ կոկորդս ան կ'ելլէ իբրեւ աղի, լեղի ծով...։
Ա՜հ, լաւագոյն է չըլլալ եւ լաւագոյն է հիմայ