29.06.2019, 9:44:31
ԿԱԿԱՉՆԵՐ Քոյ՛ր իմ, ցանքին մէջ կակաչներ կան, քաղէ՛ . – Ահա սիրող սիրտերու պէս կ’արիւնին։ Պիտի իրենց բաժակներէն բիւրեղէ Խըմենք ալիքն արևին։ Անոնք այնչափ բըռընկեր են՝ որ կարծես Հրդեհն իրենց կ’այրէ դաշտերը անհուն։ Պիտի իրենց բաժակներէն հըրակէզ Խըմենք կայծերն աստղերուն։ Քոյ՛ր իմ, քաղէ՛, լորի մը պէս ծածկըւած Ցորեններուն մէջ՝ որ մեղմիկ կը նազին։ Պիտի իրենց բաժակներէն բոսորած Խըմենք արիւնն ակօսին։ Անոնք ծըռած արտոյտներու բոյնին վրայ Լալ շողերով ողկոյզ-ողկոյզ կը ծըփան։
ԿԱԿԱՉՆԵՐ
Քոյ՛ր իմ, ցանքին մէջ կակաչներ կան, քաղէ՛ . –
Ահա սիրող սիրտերու պէս կ’արիւնին։
Պիտի իրենց բաժակներէն բիւրեղէ
Խըմենք ալիքն արևին։
Անոնք այնչափ բըռընկեր են՝ որ կարծես
Հրդեհն իրենց կ’այրէ դաշտերը անհուն։
Պիտի իրենց բաժակներէն հըրակէզ
Խըմենք կայծերն աստղերուն։
Քոյ՛ր իմ, քաղէ՛, լորի մը պէս ծածկըւած
Ցորեններուն մէջ՝ որ մեղմիկ կը նազին։
Պիտի իրենց բաժակներէն բոսորած
Խըմենք արիւնն ակօսին։
Անոնք ծըռած արտոյտներու բոյնին վրայ
Լալ շողերով ողկոյզ-ողկոյզ կը ծըփան։