21.09.2019, 18:40:55
    
    
    
Ահա', ահա, կը տեսնեմ՝ լերան խորունկ ծերպերէն Նախ մէկու մը՝ վարանքով, չհաւատալով, գաղտնօրէն, Եւ ուրիշի մը յետոյ եւ երրորդի մը ապա Երեւան գալը յանկարծ՝ ի լուր ռազմի ձեր երգին, Ձեր ռազմերգի՜ն հայկական որ օդին մէջ կը թնդայ, Եւ կ'որոտա՜յ, եւ կու տայ հողին իսկ դող մ'ահագին... Բայց չէ', անոնք չեն հաւտար, դեռ հաւատալ չեն կրնար՝ Թէ եղբայրներն են իրենց, որ հրաշքով մ'անհնար Այսօր եկեր են այստեղ, սպառազէն ու ազատ, Վերածըներ, ուժովցեր, գեղեցկացե՜ր են այնքնան,
    Ահա', ահա, կը տեսնեմ՝ լերան խորունկ ծերպերէն
Նախ մէկու մը՝ վարանքով, չհաւատալով, գաղտնօրէն,
Եւ ուրիշի մը յետոյ եւ երրորդի մը ապա
Երեւան գալը յանկարծ՝ ի լուր ռազմի ձեր երգին,
Ձեր ռազմերգի՜ն հայկական որ օդին մէջ կը թնդայ,
Եւ կ'որոտա՜յ, եւ կու տայ հողին իսկ դող մ'ահագին...
Բայց չէ', անոնք չեն հաւտար, դեռ հաւատալ չեն կրնար՝
Թէ եղբայրներն են իրենց, որ հրաշքով մ'անհնար
Այսօր եկեր են այստեղ, սպառազէն ու ազատ,
Վերածըներ, ուժովցեր, գեղեցկացե՜ր են այնքնան,