13.10.2019, 4:30:29
Քու Լեզուդ Ե՞րբ բխեցաւ աղբիւրն առատ իր ակէն.- Խօսքիդ առուն կը թաւալի օրն ի բուն, Լեզուիդ անկապ վանկերը բառ են արդէն, Բառերը պերճ՝յաղթանակի ղօղանջիւն: Քու շուրթներով՝մերթ անսայթաք, մերթ թոթով, Կը բարբառի մեծախորհուրդ հայ ոգին.- Ո՛չ մէկ նուագ եւ ո՛չ մէկ տաղ հոգեթով Ունի արուեստն արեւաշող քու խօսքին: Քեզմէ առաջ հնչա՞ծ է մէկն այսքա'ն ջինջ, Այսքա'ն քնքուշ՝մեսրոպաշունչ հայ լեզուն… Մեր գանձերուն, մեր դարերուն խռովիչ Դուն նորաստեղծ քնարահարն ես բեղուն: Մուշեղ Իշխան Մ. Աբեղյան-Մեսրոպ Մաշտոց
Քու Լեզուդ
Ե՞րբ բխեցաւ աղբիւրն առատ իր ակէն.-
Խօսքիդ առուն կը թաւալի օրն ի բուն,
Լեզուիդ անկապ վանկերը բառ են արդէն,
Բառերը պերճ՝յաղթանակի ղօղանջիւն:
Քու շուրթներով՝մերթ անսայթաք, մերթ թոթով,
Կը բարբառի մեծախորհուրդ հայ ոգին.-
Ո՛չ մէկ նուագ եւ ո՛չ մէկ տաղ հոգեթով
Ունի արուեստն արեւաշող քու խօսքին:
Քեզմէ առաջ հնչա՞ծ է մէկն այսքա'ն ջինջ,
Այսքա'ն քնքուշ՝մեսրոպաշունչ հայ լեզուն…
Մեր գանձերուն, մեր դարերուն խռովիչ
Դուն նորաստեղծ քնարահարն ես բեղուն:
Մուշեղ Իշխան
Մ. Աբեղյան-Մեսրոպ Մաշտոց