«­Վեր­ջին ըմ­բոս­տու­թե­նէ մը ա­ռաջ, բո­լո՜ր սրբու­թիւն­նե­րը դեռ չա­նար­գած, սկիզ­բին ու վախ­ճա­նին տա­կա­ւին չհայ­հո­յած, ան­գա՜մ մըն ալ կու գամ քե­զի։ Լ­սէ՛ ա­ղա­չանքս, ա­ղօ՜թ­քը մեր կլո­րիկ աղ­ջիկ­նե­րուն եւ ըն­ձիւղ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, մեր ա­նուշ­բե­րան մա­միկ­նե­րուն եւ հո­ղա­տէր պա­պիկ­նե­րուն, խունկ ծխո­ղին եւ արտ հեր­կո­ղին, լսէ՜. մե՜նք ալ կ­’ու­զենք եր­գել «…Ա­մէն բա­նէ վեր»։ Ամ­պած­րար այն լե­րան կա­տա­րէն, ամպ­րո­պին ու փո­թո­րի­կին մէ­ջէն, Ե­հո­վա՜, սկսէ՛ եւ տուն տուր, տող առ տող։