Քանի որ հայ ծնած եմ,ժամանակ չունիմ անհատական կեանքիս մասին մտածելու։Եթէ Դատ ունեցող ժողովուրդի մը զաւակ չըլլայի,այդ պարագային կը մտածէի վայելքներու մասին»։
ԱՐԱ ՔԸՐԸՃԵԱՆը այս խօսքը միշտ կը կրկնէր եւ այս ճամբուն վրայ ալ ան արհամարհեց ամէն ինչ,մինչեւ իսկ՝կեանքը։ Եղաւ Հայ Դատի զինուոր,գիտակցաբար կեանքը զոհելով իր միակ ձգտումին՝Հայ Դատի լուծման։
Ծնած է 8 Յունիս 1963ին,Պէյրութ։Նախ կը յաճախէ Ազգային Մարտիկեան վարժարանի մանկապարտէզը եւ ապա՝Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլէճ,որուն ընթացքը չի կրնար աւարտել