30.07.2020, 18:58:12
Զօրավարաց եկեղեցի Կը գտնուի Սիսի բերդին հարաւային պարիսպին վրայ։ Կ՚ենթադրուի որ անիկա յատկացուած էր բերդի բնակիչներուն եւ զինուորներուն։ Զատիկի երրորդ օրը սսեցիները ունին յատուկ տօն մը որ կը կոչուի Բերդի օր (թրքերէնով kalagünü)։ Ժողովուրդը մէկ օրուայ պաշար շալկած՝ խուռներամ ուխտի կու գայ Զօրավարաց եկեղեցւոյ աւերակներուն մօտ, կիսաքանդ խորանին մէջ կը մատուցուի հանդիսաւոր պատարագ, ապա տեղի կ՚ունենան տօնական խրախճանքներ։
Զօրավարաց եկեղեցի
Կը գտնուի Սիսի բերդին հարաւային պարիսպին վրայ։ Կ՚ենթադրուի որ անիկա յատկացուած էր բերդի բնակիչներուն եւ զինուորներուն։ Զատիկի երրորդ օրը սսեցիները ունին յատուկ տօն մը որ կը կոչուի Բերդի օր (թրքերէնով kalagünü)։ Ժողովուրդը մէկ օրուայ պաշար շալկած՝ խուռներամ ուխտի կու գայ Զօրավարաց եկեղեցւոյ աւերակներուն մօտ, կիսաքանդ խորանին մէջ կը մատուցուի հանդիսաւոր պատարագ, ապա տեղի կ՚ունենան տօնական խրախճանքներ։