Շուրջիս նիւթի ցամքած կեանքէն զայրացկոտ
Կանչեցի ես իտէալըս կենսածին.
Բայց ետեւէս կըծու ծաղրով անամօթ
«Է՜, ան միայն գրքի մէջն է» պոռացին
Ես ալ գիրքը ինծի ընկեր ընտրեցի
Ես պատրանքը սիրեցի
Երբ գեղեցիկ,թարմ աղջիկը ժըպտեցա
Սիրտըս դողաց յուզումով մը ներդաշնակ
Սիրեցի ալ,միայն ոչ այն որ անցաւ
Այլ անոր նուրբ,յափշտակիչ դէմքին տակ
Նո՛ր էակ մը որ մըտքէս հոն անցուցի.
Ես պատրանքը սիրեցի
Հայրենիքի հուր կարօտը բընածին
Երբ բըռընկցուց յուզուած լանջըս տենդօրէն
«Դուն հայրենիք, դուն հող չունիս» հըծծեցին