

23.04.2021, 3:33:25
Տառապանք-Մուշեղ Իշխան Ցնորք է գուցէ մեր շուրջ ամէն բան Աչքերը մարդուն՝ խաբկանքի պաստառ Անցքերն աշխարհի՝ լոկ շարժանկար Ցնորք է գուցէ մեր շուրջ ամէն բան: Կսկիծն է կեանքին միայն իրական Տառապանքը խոր ու բազմախորհուրդ Ամէն սրտի մէջ եռացող սնունդ Կսկիծն է կեանքին միայն իրական Յուշ է երազի՝պահը խնդութեան Յոյսի արձագանք՝ծափ ու ցնծութիւն Լուսնկայի ցոլք՝ ժպիտը մարդուն Յուշ է երազի՝պահը խնդութեան: Արցունքն է կեանքին միայն իրական Ամէն ժամ քամուող հիւթը այս հողին Մեր արբեցութեան հրաշէկ գինին
Տառապանք-Մուշեղ Իշխան
Ցնորք է գուցէ մեր շուրջ ամէն բան
Աչքերը մարդուն՝ խաբկանքի պաստառ
Անցքերն աշխարհի՝ լոկ շարժանկար
Ցնորք է գուցէ մեր շուրջ ամէն բան:
Կսկիծն է կեանքին միայն իրական
Տառապանքը խոր ու բազմախորհուրդ
Ամէն սրտի մէջ եռացող սնունդ
Կսկիծն է կեանքին միայն իրական
Յուշ է երազի՝պահը խնդութեան
Յոյսի արձագանք՝ծափ ու ցնծութիւն
Լուսնկայի ցոլք՝ ժպիտը մարդուն
Յուշ է երազի՝պահը խնդութեան:
Արցունքն է կեանքին միայն իրական
Ամէն ժամ քամուող հիւթը այս հողին
Մեր արբեցութեան հրաշէկ գինին
Комментарии